2013-09-07 09:16:12

Աստուծոյ Աղախին` Մարիա Պոլօնիէզի Երանելի կը Հռչակուի։


Շաբաթ 7 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10.30 ին Իտալիոյ Ռովիկօ կոչուած քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ որուն ընթացքին երանելի կը հռչակուի Աստուծոյ աղախին` Մարիա Պոլօնիէզին (1924-1980)։
Հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը եւ երանացման արարողութիւնը կը գլխաւորէ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօն Սուրբերու դատի ժողովին կառավարիչը ։
Մարիա Պոլօնիէզի ծնած է 21 հոկտեմբեր 1924 ին աղքատ ընտանիքէ մը Ռովիկօ քաղաքին մէջ։
Ընտանեկան վատ եւ աղքատ իրավիճակի պատճառաւ երիտասարդ հասակին գործի լծուած է ։ 30 յունուար 1980 թուականին սրտի կաթուածի պատճառով հոգին աւանդեց առ Աստուած։ Անոր մարմիը կը հանգչի Պոզարօ կոչուած ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ։

Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ` Ռատիօ վատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսելով Երանուհիի թողած պատգամի մասին ըսաւ`.
Մարիա Պոլօնյէզի նեցուկ կանգած է որբ մանուկներուն , անոնց դասաւորած է առատաձեռն ընտանիքներու կամ հաստատութիւններու մօտ։ Ան հանդիսացած է տարակոյի մէջ ապրողներուն, տխրութեան մէջ մխրճուողներուն՝ խոհեմ խորհրդատու։ Բոլորին օգնութեան հասած է աղօթքով եւ տառապանքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.